Շուշիէն հնչած այս նոր պահանջներուն դիմաց ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք որեւէ խօսք ունի՞ փոխանցելիք. «Հայրենիք»
Հունգարիոյ պետին այս վեհաժողովին մասնակցութիւնը արտասովոր է, ստեղծուած՝ նոյնինքն Հունգարիոյ եւ այս կազմակերպութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հոս տեղին է լայն փակագիծ մը բանալ եւ կրկին անհանգստացնել այժմ Եռաբլուրի մէջ հանգչող սպայ Գուրգէն Մարգարեանը, որ 2004-ին, ռազմադաշտերէն շատ հեռու՝ Դանուբի ափին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէշթի մէջ, գիշերուան կիսուն, խոր քունի մէջ եղած պահուն, ազերի դաւադիր