Հունգարիոյ պետին այս վեհաժողովին մասնակցութիւնը արտասովոր է, ստեղծուած՝ նոյնինքն Հունգարիոյ եւ այս կազմակերպութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հոս տեղին է լայն փակագիծ մը բանալ եւ կրկին անհանգստացնել այժմ Եռաբլուրի մէջ հանգչող սպայ Գուրգէն Մարգարեանը, որ 2004-ին, ռազմադաշտերէն շատ հեռու՝ Դանուբի ափին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէշթի մէջ, գիշերուան կիսուն, խոր քունի մէջ եղած պահուն, ազերի դաւադիր