«Գանձասար»– Մարոնի Համայնքի Հալէպի Առաջնորդ Եուսէֆ Թոփճիի հրաւէրով, Շաբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2024-ին, հայ երեք համայնքապետները Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետներուն հետ մասնակցութիւնը բերին Ֆարհաթ հրապարակին մօտ գտնուող Մարոնիտ համայնքի վերանորոգուած Առաջնորդարանի վերօծման արարողութեան։ Այնուհետեւ, վերօծուած Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս համայնքապետները գումարեցին հերթական ժողով, որուն ընթացքին արծարծեցին ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան հարցեր։ Համայնքապետները Ս. Ծնունդի տօնի նախօրեակին մաղթեցին, որ