Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները հանդիսաւորապէս նշուեցան հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, ձեռամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Սուրբ խորանին վրայ Վեհափառ Հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք.