Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, նոր տեսակի գլխապտոյտ պատճառող, բառացի՛օրէն «գլուխ դարձնող» դէպքեր ու նորութիւններ տեղի կ’ունենան վերստին: Եթէ փորձենք եղածները սեղմ հասարակ յայտարարի մը բերել, կ’ունենանք հետեւեալը. իշխանաւորները ամէն օր, օրը քանի մը անգամ նոր մանրուքներ (նա՛եւ ոչ արհամարհելի) կը նետեն հրապարակ, որպէսզի «զուարճացնեն» հանրութիւնը եւ զբաղ պահեն ընդդիմադիր ճակատները, իսկ իրենք աննահանջ կերպով կը