Ընդառաջելով Վատիկանի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, 31 Յունուարէն 8 Փետրուար 2025-ին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Վատիկանի ծանօթացման 5-րդ տարուան ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք երիտասարդ հոգեւորականներ՝ Թռչնոց Բոյնի տեսուչ` Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան (Ա.Մ.Ն. Հայոց Արեւմտեան Թեմ)