19 փետրուար 2004-ին Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձի շրջանակներուն մէջ, ազրպէյճանցի զինուորին կողմէ դաւադրաբար կացինահար կը սպաննուէր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Կը կանխուէր ոճրագործին երկրորդ սպանութիւնը հայ երկրորդ սպայի մը: Որոշ ժամանակ բանտարկուելէ ետք ազրպէյճանցի ոճրագործը գործարքային պայմաններով կը յանձնուէր Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` պատիժը Պաքուի մէջ շարունակելու սին խոստումներով: Ոճրագործը շատ արագ Պաքուի մէջ ազգային հերոսի կոչում