Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2026-ին, հանդիպում մը կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ու միջ-կրօնական երկխօսութեան պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Իսկ